• English
  • عربي
  • Հայերեն
Եգիպտոսում Հայաստանի դեսպանություն
  • Դեսպանություն
    • Դեսպան
    • Տվյալներ. աշխատանքային ժամեր
    • Լուսանկարներ
  • Հայաստան
    • Ընդհանուր ակնարկ
    • Կառավարում
    • Պատմություն
    • Կրթություն Հայաստանում
    • Ներդրում Հայաստանում
  • Երկկողմ հարաբերություններ
    • Եգիպտոս
    • Լիբիա
    • Եթովպիա
  • Հյուպատոսական ծառայություն
    • Հյուպատոսական ընդունելություն
    • Անվճար հյուպատոսական ծառայություններ
    • Վիզա (մուտքի արտոնագիր)
    • Անձնագիր
    • Պետական տուրքի դրույքաչափեր
  • Տեղեկատվություն
    • Մաքսային արտոնություններ մշտական բնակության վերադարձողների համար
    • Օգտակար հղումներ
    • Լուրեր
  • Հայ համայնք
    • Հայերը Եգիպտոսում
    • Հայերը Եթովպիայում
    • Հայաստան համահայկական հիմնադրամ

«Համոզուած Եմ Իմ Տարած Աշխատանքով, Եթէ Նոյնիսկ Տարակարծութիւն Կը Ծագէր» -- Գէորգ Երզնկացեան (ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ)

08 դեկտեմբերի, 2011

Գահիրէ (Արմաւենի) - Բժ. Գէորգ Երզնկացեան, Գահիրէի Քաղաքական Ժողովի ատենապետի պաշտօնը վարած է Նոյեմբեր 2009էն Նոյեմբեր 2011: Ան հարցազրոյցով շեշտած է, թէ «մեր գաղութը հարկ է, որ տեղեակ ըլլայ թէ ինչ գործունէութիւն իրականացած է անցեալ շրջանին, քանի որ այս գործը շարունակական է՝ սկսած անցեալին եւ պիտի շարունակուի նաեւ ապագային» եւ յոյս յայտնած է որ նոր շրջանի Քաղաքական Ժողովի կազմը շարունակէ կատարուած գործերը նոյն ընթացքով:

Ըստ Երզնկացեանի, անցեալ երկու տարիներուն ընթացքին, Գահիրէի Քաղաքական Ժողովը, որ 24 երեսփոխաններէ բաղկացող Թեմական Ժողովէն բխած գործադիր մարմինն է, հսկայական աշխատանք տարած է եգիպտահայ գաղութին վիճակը բարելաւելու համար, «մանաւանդ որ 2001էն սկսած էինք, երբ Պերճ Թէրզեան ստանձնած էր ատենապետութիւնը, ապա Օննիկ Պըլըքտանեանի օրով շարունակուեցաւ այս աշխատանքը, մինչեւ իմ ստանձնելս»: 53-ամեայ Երզնկացեան ըսած է նաեւ, թէ «ես անձնապէս գործնական եւ արագ քայլերու կը դիմեմ, քանի որ ժամանակը Եգիպտոսի նկատմամբ մեր դէմ է: Կը սիրեմ թուանշաններով աշխատիլ»:

Երզնկացեան 1999էն ի վեր երեսփոխան եղած է 24 անդամներէ բաղկացող Գահիրէի Թեմական Ժողովին: Ծնած 1958ին, Գահիրէ, ան իր հայեցի դաստիարակութիւնը ստացած է Գալուստեան Ազգային Վարժարանէն ներս, ապա երկրորդական ուսումը շարունակած է Սէն Ժորժ անգլիական վարժարանին մէջ: Ուսանած է Գահիրէի պետական համալսարանը: Մասնագիտութեամբ ատամնաբոյժ է: Խորհրդական է Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանատան: Ամուսանացած է եւ ունի երկու զաւակ, Սարօ` 21 տարեկան եւ Արի` 18 տարեկան:


Հ: Անցեալ տարեշրջանին կարողացա՞ք նիւթական ամուր հիմք ապահովել:

Պ: Այո, Ազգային Առաջնորդարանը հողային հարցեր ունէր անցեալին եւ մենք յաջողեցանք այդ հարցերուն մէկ մասը աւարտել. Այսպէս՝ յաջողեցանք ծախուած հողերու գումարներու մեծամասնութիւնը հաւաքել եւ մէկտեղել. այդ եկամուտէն կը ծախսենք մենք այսօր, ինչ որ մեր հիմնական ծախսերը կը փակէ եւ նոյնիսկ յաւելեալ գումար ալ կը մնայ. ասիկա անկախ մեր վարձու տուած հողային եկամուտէն, հակառակ որ 2011-ին դժուարութիւն ունեցանք այդ գումարները հաւաքելու, երկրին քաղաքական կացութեան պատճառով, սակայն առ նուազն մէկ-երրորդը յաջողեցանք հաւաքել, կը մնայ մնացած երկու երրորդը: Եւ այսպէս՝ մեր նիւթականին հիմը բաւական ապահոված ենք անցեալ շրջանին: Ուրեմն, հողերէն մաս մը ծախած ենք եւ անոնց հասոյթը զետեղած ենք դրամատուն որպէս աւանդներ թէ' եգիպտական թղթոսկիով եւ թէ' ԱՄՆ տոլարով. Արդարեւ, զանազանակերպած ենք մեր ներդրումները, որպէսզի եթէ օր մը երկրին տնտեսական վիճակը աւելի վատթարանայ, մեր աւանդները չազդուին. իսկ իմ առաջարկս գալիք Քաղաքական Ժողովին այն է՝ որ կարելի եղածին չափ աւելի զանազանակերպենք մեր ներդրումները, քանի որ եգիպտական դրամը աւելի կրնայ տկարանալ յառաջիկային: Մեր շրջանը Նոյեմբեր 28-ին կը վերջանայ, իսկ մենք յառաջիկայ շրջանի Քաղաքական Ժողովին համար բաւական լաւ գումար ապահոված ենք:

Հ: Անցեալ շրջանին ձեր ունեցած ծախսերը ինչպէ՞ս կը համեմատէք ձեր ապահոված եկամուտով:

Պ: Անցեալ շրջանին մենք բաւական զարգացուցինք մեր ծախսերը, քանի որ յառաջ տարինք մեր գործունէութիւնը: Ըստ իս, գաղութը այս շրջանին իր ամենաբարգաւաճ օրերը կ'ապրի. պէտք է օգտուին բոլորը, սակայն ճիշդ տեղին պէտք է օգտագործել մեր ունեցած նիւթականը:

1- Կրկնապատկեցինք Աղքատախնամէն օգտուողներուն ամսական նպաստները: Անոնք մօտաւորապէս 50 ընտանիք կամ անհատ են: Ընտանիքները ներկայիս 800 ե.ո. ($130) կը ստանան, իսկ անհատները` 600 ե.ո. ($100): Ս. Ծնունդին ու Ս. Զատիկին կէս ամսականով յաւելում կը ստանան անոնք, ուրեմն՝ տարին 13 ամսական նպաստ կ'ապահովենք իրենց: Մեր նիւթականը կը բարելաւուի, եւ այսպէս յարմար գտանք բարելաւել նաեւ իրենց ամսական նպաստի գումարը:

2- Իսկ Եղիայեան Սանուց ֆոնտին նկատմամբ, մենք դիմողներուն կը յատկացնենք առաւելագոյն գումարը, որ 18,000-էն ($3,000) 20,000 ե.ո.ի բարձրացուցինք ($3,330), որպէսզի գաղութի երիտասարդները իրենց նախասիրած համալսարանները յաճախեն: Այսօր ունինք 34 աշակերտ, որոնք կ'օգտուին Եղիայեան ֆոնտէն: Պայմաններէն մէկն այն է, ըստ Գրիգոր Եղիայեանի կտակին, թէ հայկական վարժարան աւարտած ըլլայ դիմողը, կամ նուազագոյնը որոշ շրջանի մը համար հայկական վարժարան յաճախած ըլլայ: Ուսումը հիմքն է ամէն բանի:

3-Մեր կարեւորագոյն գործերէն էր նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի լրիւ նորոգութիւնը` ներքին եւ արտաքին, արդիական կերպով, որ քանի մը օրէն այդ ալ պիտի աւարտի:

4-Ազգային Առաջնորդարանը օժանդակեց նաեւ Այծեմնիկ Հանգստեան Տան վերելակի շինութեան` 40,000 եգ. ոսկիով ($6,600):

Հ: Եգիպտահայ գաղութի երկու ազգային վարժարաններու ներկայ իրավիճակն ինչպէ՞ս է եւ ի՞նչ են ծրագիրները անոնց նկատմամբ:

Պ: Անցեալ շրջանին բաւական գործ տարինք երկու վարժարաններու միացման նկատմամբ, եւ միացումի վաւերաթուղթը մեր ձեռքն է արդէն, սակայն այժմ այլ քայլերու կը դիմենք որպէսզի լիովին կատարեալ դառնայ միացումը: Յոյսով եմ որ գալիք դպրոցական տարեշրջանին արդէն միացած ըլլան երկու վարժարանները: Այս գործը իրօք կը պարտինք անցեալին այս հարցով զբաղողներուն, իսկ մենք հետագային հետեւեցանք զայն իրականութիւն դարձնելու նպատակով: Պերճ Թէրզեանն ու Շանթ Կապէյեանը յանձնախումբին միջոցաւ ճիգ չխնայեցին որ ասիկա իրականութիւն դառնայ: Ուրեմն եկող տարեշրջանին մօտաւորապէս 160 աշակերտներ պիտի ունենան միացուած դպրոց, որուն պիտի տրամադրուին յաւելեալ հանրակառքեր: Կ'ուզեմ նաեւ տեղեկացնել, թէ Գալուստեան Վարժարանի Պուլագ թաղամասը գտնուող հողը կը պատկանի Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին:

Քաղաքական Ժողովը փափաքեցաւ Նուպարեան Վարժարանը տարբեր դարաշրջանի մը փոխադրել, hետագային լաւագոյն դպրոցներէն համարուելու նպատակով, Կրթական Նախարարութեան մակարդակով, կառավարումին մէջ փոփոխութիւններ կատարելով եւ հայեցի դաստիարակութեան աւելի բարձր մակարդակ կիրառելով: Նախորդ տնօրէնուհի Տիկին Անի Կապէյեան շատ լաւ աշխատանք տարած է Նուպարեան Վարժարանէն ներս, ինքն ալ փոփոխութեան գաղափարին ջատագով էր: Թովմաս Զաքարեանին առաջարկեցինք, որ այս առումով մեզ օգնէ, ապա Վարուժան Գազանճեանն ալ միացաւ, ուրեմն, երկու տարուան պայմանագիր կնքեցինք անոնց հետ ու «վերահսկիչ մարմնի» պաշտօնի լծուեցան անոնք Նուպարեանէն ներս : Պայմանագիրը վերջ կը գտնէ Օգոստոս 31, 2012-ին:

Թեմական Ժողովի որոշումով, 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ, գաղութին ուսումնական մասնագէտներէն` Փրոֆ. Սիլվիա Մարթայեան ստանձնեց դպրոցի ընդհանուր ուսումնական պատասխանատուի պաշտօնը: Ան միակ կապ ըլլայ Քաղաքական Ժողովին հետ, իսկ պարոններ Զաքարեան ու Գազանճեան ստանձնեն հայագիտական նիւթերու խորհրդատուի պաշտօնը: Ամենայն յարգանքովս դասաւանդող այժմու ուսուցիչներու մէկ մասնիկին, մեր գաղութին փափաքած մակարդակով չեն անոնք: Անցեալ տարի արդէն սկսած էինք նոր ուսուցիչներ նշանակել. բաւական դժուար գործ է յարմար ուսուցիչ գտնելը, եւ յոյսով եմ, որ վարժարանին տնօրէնութիւնը գալիք տարեշրջանին պիտի շարունակէ բարձր մակարդակով ուսուցիչներ նշանակել: Անշուշտ նեղութիւններ տեղի ունեցան եւ տեղի պիտի ունենան, սակայն այս բոլորը ի շահ մեր վարժարաններու բարելաւման համար է, որպէսզի գաղութիս անդամները իրենց զաւակները օտար դպրոց չ'ուղղարկեն:

Այժմ ծրագիրներէն մին է համացանցային դրութիւն մը իրագործել դպրոցէն ներս, որպէսզի ծնողները նոյնիսկ առիթ ունենան իրենց զաւակներուն արդիւնքներուն ու ընդհանուր մակարդակին հետեւելու համար ամէն շաբաթ:

Այս տարեշրջանին, դպրոցին սենեակներն ու դասարանները նորոգութիւններու ենթարկուեցան, ինչպէս նաեւ Մերճանեան Մանկապարտէզը, մեծ թիւով համակարգիչներ բերինք: Յառաջիկային յոյսով եմ, որ նորոգուի նաեւ դպրոցի ելեկտրական դրութիւնը, Պըլըքտանեան հանդիսասրահը եւ ցանկապատը բարձրանայ ապահովութեան նպատակով: Գաղութի զաւակներուն համար վարժարան յաճախելը արդէն ձրի է: Յաւելեալ հանրակառք ալ հայթայթեցինք դպրոցի աշակերտներուն:

Հայեցի դաստիարակութիւնը գործնական գետնի վրայ բերելու համար, Ազգային Առաջնորդարանը, Թովմաս Զաքարեանի առաջարկին ընդառաջելով, որոշում տուաւ, որ այս ամառ 13 աշակերտ ուղարկէ Հայաստան, գլխաւորութեամբ Զաքարեանին եւ Ազգային Առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ: Կը կարծեմ, որ շատ յաջող ծրագիր մըն էր ատիկա:

Դարձեալ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, այս ամառ Նուպարեան Ազգային Վարժարանէն 3 ուսուցչուհիներ մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան և Գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրին:

Հ: Ինչպէ՞ս կը սերտացնէ Եգիպտահայ գաղութը իր կապերը Հայրենիքի հետ:

Պ: Երբ կը մասնակցի Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած զանազան միջոցառումներուն, ինչպէս Համահայկական Խաղերը: Առանց երկար ժողովներ գումարելու, արագ որոշում տուինք եւ 3 պատասխանատու նշանակեցինք ու մարզիկներուն հետ միատեղ անցեալ Օգոստոսին ուղարկեցինք Հայաստան, խաղերուն մասնակցելու համար: Պատուիրակութեան նախագահն էր Նուպար Սիմոնեան, պասքէթպոլի խումբի մարզիչը` Ճորճ Թորոսեան եւ վարչական պատասխանատուն` Կարէն Թուլումպաճեան: Անոնք հոյակապ արդիւնքներով վերադարձան Եգիպտոս: Յառաջիկային փափաքելի է, որ աղջկանց խումբով ալ մասնակցի մեր գաղութը, ինչու չէ, նաեւ տարբեր խաղերու մէջ:

2011-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի Տուն» ծրագրին,  Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 եգիպտահայ պատանի:

Աւելին՝ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով Քաղաքական Ժողովը որոշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակը հանդիսաւոր կերպով նշել ու Եգիպտոս հրաւիրել վաստակաւոր երգիչ Արսէն Գրիգորեանը: Այս աշխատանքին մեծ թափ տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Հրաւէր ստացած ենք նաեւ մասնակցելու համար Հայաստանի մէջ 2012-ին տեղի ունենալիք մշակութային շաբաթին: Քաղաքական Ժողովը որոշած է ժողովի հրաւիրել գաղութին մէջ գործող մշակութային միութիւններու պատասխանատուները, որոշելու համար թէ ինչ ձեւով պիտի ներկայանանք սոյն ձեռնարկին: Այս մասին վստահաբար պիտի զբաղի յառաջիկայ նորակազմ Քաղաքական Ժողովը:

Հ: Ինչպիսի՞ ձեւով օգտակար կը դառնաք եգիպտահայ գաղութէն ներս գործող թերթերուն եւ ակումբներուն:

Պ: Բացառիկ որոշում տուինք անցեալ շրջանին այս գծով: Տարեկան յատկացում կու տայինք եգիպտահայ տպագիր երեք թերթերուն, իսկ այս տարի գաղափար մը յղացանք՝ որ մշակութային եւ մարզական կազմակերպութիւններուն ալ տրամադրենք տարեկան 25,000 ե.ո ($4,150) ամէն տարի, Յունուարին: Իսկ աւելի քաջալերելու համար մեր մարզիկներն ու մարզական ակումբներուն կազմակերպած մրցաշարքերը, որոնք գաղութի հայ երիտասարդութեան համախմբման միակ առիթներն են, բացառաբար, Նոյեմբեր 2011-ին ալ 25,000 ե.ո. ($4,150) հատուցում տուինք ՀՄԸՄ Նուպար (Գահիրէ) եւ ՀՄԸՄ Արարատ (Գահիրէ) ակումբներուն:

Ազգային Առաջնորդարանը հովանաւորած է նաեւ եգիպտահայ տպագիր 3 թերթերու խմբագիրներու եւ Հայկական Ռատիոժամի ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը Հայ Լրագրողներու 5-րդ Համաժողովին, որ կայացաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Հոկտեմբեր 2010-ին:

Հ: Բժշկական ի՞նչ ծրագիրներ իրագործեցիք գաղութին համար:

Պ: Ազգային Առաջնորդարանը կ'օգնէ այն անձանց, որոնք վիրահատման պիտի ենթարկուին, եւ մինչեւ 20,000 ե.ո. ($3,300) կը տրամադրէ անոնց: Աս անկախաբար մասնակի բժշկական ապահովագրութեան ծրագիրէն, որ Բժ. Արմէն Մազլումեանի հետ սկսած էի սերտել, եւ որ տակաւին ընթացքի մէջ է:

Հ: Վերջերս կատարուած եգիպտահայ գաղութին վիճակագրական տուեալներուն մասին ի՞նչ նորութիւն: 

Պ: Եգիպտահայ գաղութը այսօր կը գտնուի նօսրացման ահաւոր ընթացքի մէջ: Օրինակի համար, այժմու մկրտութիւններու տոկոսը եթէ համեմատենք անցեալին հետ, բաւական կը պակսի հետզհետէ: Վերջին 50 տարիներու մասին երբ խօսինք, օրինակի համար եթէ տարեկան միջին 30 մկրտութիւն կատարուած է, վերջին 25 տարիներու մկրտութիւններու միջինը տարեկան 15-ի իջած է, այսինքն ճիշդ կէսը: Ապա վերջին երկու տարիներուն ընթացքին 7-ի նուազած է: Ուրեմն ամէն 25 տարի մկրտութեանց թիւը կէսի կը նուազի, համեմատելով նախորդ 25 տարիէն: Իսկ եթէ բնականոն պայմաններու մէջ գտնուի մեր գաղութը, եւ արտագաղթ տեղի չ'ունենայ յաջորդ 25 տարիներուն, կ'ակընկալեմ որ 300 ընտանիք միայն հաշուեն գաղութիս անդամները: Մեր գաղութին մէկ-երրորդը 50 տարեկանէն վար է, իսկ երկու-երրորդը 50-էն վեր, իսկ 25 տարեկանէն վար շատ քիչ է տոկոսը երիտասարդութեան, դժբախտաբար: Առ այդ, կը քաջալերենք հայ ամուսնութիւնները եւ 2-էն 3 զաւակ ունենալը: Մեր փափաքն այն է, ամենալաւ դպրոցական եւ համալսարանական ուսում հայթայթել մեր զաւակներուն:

Հ: Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է զայն իրագործել` երկրին ներկայ պայմաններուն տակ:

Պ: Երբ մեր նիւթականը կարենանք ա'լ աւելի ապահովել ու օգնել երիտասարդներուն, կը կարծեմ կարելի պիտի ըլլայ որոշ չափով իրենց այս երկրին կապել:

Հ: Ի՞նչ ձեւերով օժանդակած էք Հայաստանի Հանրապետութեան:

Պ: Ազգային Առաջնորդարանը միշտ թիկունք կանգնած է Հայաստանի Հանրապետութեան, դեսպանատան եւ Ս. Էջմիածնին, առանց մանրամասնութեանց:

Հ: Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին ո՞րն էր այդ որոշումը որ դուն ինքդ հպարտ կը զգաս այդ որոշումը տալով եւ ամենայաջողը կը համարես:

Պ: Նուպարեան Վարժարանի բարելաւման հարցերով մօտէն երբ սկսայ զբաղիլ, եւ հիմքը դրի որ հիմնական փոփոխութիւններ տեղի ունենան վարժարանէն ներս, Կրթական Նախարարութեան հովանիին տակ գործող բարձր մակարդակի վարժարաններէն դառնալու նպատակով: Բնական է, որ որեւէ փոփոխութեան կամ նոր ձեռնարկի, թերութիւններ կամ թիւրիմացութիւններ ծագին, սակայն կարեւորը այդ ձեռնարկի վերջնական արդիւնքներն են:

Հ: Իսկ ո՞ր որոշումն է, որ անյաջող կը համարես, կամ զղջացած ես երբ արդիւնքներուն դիմաց գտնուած ես:

Պ: Բոլոր որոշումներն ու քայլերը որոնց դիմած եմ, Քաղաքական Ժողովի ատենապետի հանգամանքով, լրիւ համոզումով է որ տուած եմ: Իմ տեսակէտով, չեմ կարծեր որ ձախող որոշումներ տուած եմ անցեալ շրջանին:

Հ: Թեմական ժողովէն բխած որոշումներն ու գործերը որոնք Քաղաքական Ժողովին յանձնուեցան իբր պարտականութիւն անցեալ շրջանին, արդեօք լի ու լի յաջողցուցի՞ք:

Պ: Դպրոցներու միացման հարցը, հողերու գումարները հաւաքելու հետապնդում, հողային դատերը, այս բոլորը պարտականութիւններ էին, որոնք Քաղաքական Ժողովը ստանձնած եւ յաջողցուցած է անցեալ շրջանին:

Հ: Քու փորձառութեամբդ, ի՞նչ առաջարկներ կամ խորհուրդներ ունիս տալիք յառաջիկայ Քաղաքական Ժողովի ատենապետին:

Պ: Քանի որ ժամանակը գաղութին դէմ է, ինչպէս որ նշած էի ասկէ առաջ, ուրեմն պէտք է գաղութին բոլոր հարցերուն նկատմամբ, ժամանակի պայմաններուն հետ գործնական կերպով շարժիլ:

Հ: Կախեալ ծրագիրներ կա՞ն, որոնք չկարողացաք իրականացնել անցեալ շրջանին, կամ կիսատ մնացած:

Պ: Չկան կիսատ մնացած ծրագիրներ, սակայն միակ ծրագիրը որ չկարողացանք գործադրել, այն ալ Հելիոպոլսոյ Ամենայն Սրբոց գերեզմանատան նորոգութիւնն է, կառավարական դժուարութիւններու պատճառով: Ընթացքի մէջ է Առաջնորդարանի տարիներու ընթացքին ունեցած տուեալներն ու տեղեկութիւնները համակարգիչին անցնել, ինչպէս մկրտութիւն, պսակ, թաղում եւ նոյնիսկ նիւթական իրավիճակ: կ'ակընկալեմ, որ եկող տարի, 2012ին, այս հսկայական աշխատանքը լրանայ: Այս աշխատանքին ալ մօտէն կը զբաղի Սրբազան Հայրը: Կ'ուսումնասիրուի նաեւ, որ յառաջիկային՝ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանը ունենայ իր կայքէջը:

Հ: Անցեալ շրջանին ի՞նչ կեանքի դասերով դուրս եկար:

Պ: Անցեալ շրջանը ինծի լաւ առիթ մը եղաւ, որ շուրջիններուս աւելի մօտէն ծանօթանամ եւ հասկնամ, թէ ամէն մէկը ինչպէս կը մտածէ: Հանգիստ խիղճով կը ձգեմ Քաղաքական Ժողովի ատենապետութիւնը, քանի որ բաւարարուած կը զգամ իմ տարած աշխատանքով:

Անցեալ շրջանին կողքիս էր ու միշտ կը քաջալերէր զիս, գաղութիս Թեմի Առաջնորդ Աշոտ Սրբազան Եպիսկոպոս Մնացականեանը:

Հանգուցեալ Անդրանիկ Մեսրոպեանին ալ երախտապարտ եմ, որ միշտ կողքիս էր ու քաջալերած` իմ աշխատանքներս: Այնպիսի համեստ, այնպիսի աշխոյժ, նման անձնաւորութիւն մը դժուար է, որ կրկնուի այս դարուս:  Իմ կողքիս էր յաճախ եւ յստակ կեցուածք ունէր նաեւ Պետրոս Մխտիկեանը: Պատիւ ունեցայ որ նման անձնաւորութեան մը հետ ժողովական ըլլալու, իր առաւելագոյնը կը ցուցաբերէր իր հայասիրութեամբ: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կալուածոցի վարչութեան, գլխաւորութեամբ Արսէն Էմիրզեանին, որոնք մեծ դեր կատարեցին այսօրուան մեր հողային հարցերու լուծման եւ հարստութիւններուն, որ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանը ձեռք ձգած է»:

«Պէտք է նաեւ նշեմ, որ «Արմաւենի»ի տարած աշխատանքով հմայուած եմ, ձեր կարելին կը ցուցաբերէք գաղութին լուրերը հաղորդելու համար շատ հաւասարակշռուած կերպով եւ միշտ թարմացած նորութիւններով»:

Կիրակի, 27 Նոյեմբեր, 2011

Հելիոպոլիս

 

Հարցազրոյցը վարեց` Նորա Քէօհնէլեան Գոլոյեան

կիսվել:
ՀՀ ԱԳՆ
պաշտոնական կայք
Երկքաղաքացիություն
Էլեկտրոնային վիզա
Արտոնագրի ձևեր

Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետություն,
ք. Կահիրե, Զամալեք թաղամաս, Մոհամեդ Մազհար փ. 20
(+202) 2737 4157, 2737 4159

Եգիպտոսում Հայաստանի դեսպանություն

© 2011-2025, Հեղինակային իրավունքները պաշտպանված են: